2014-08-26 09:25:22

Քաղտէացի պատրիարքը կրկին կոչ կ՛ուղղէ Իրաքի քրիստոնեաներուն ի խնդիր` աշխարհը իրաւունք չունի անտարբեր մնալու։


''Միջազգային հասարակութիւնը եւ մասնաւորապէս ԱՄՆը ու Եւրոպական Միութիւնը պէտք չեն անտարբեր մնալ յաչս իսլամական պետութեան գործադրած ոճիրներուն'', յայտարարած է Քաղտէացիներու պատրիարք Ռաֆայէլ Սաքօ։
Ան սրտաճմլիկ կոչ մը ուղղած է ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներուն ու փոքրամասնութիւններուն։ Իր բաց նամակով Արեւմուտքի եւ իսլամ աշխարհի կը վերագրէ բարոյական ու պատմական պատասխանատուութիւնը Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն։
Աշխարհը կը թուի իրազեկ չըլլալ կացութեան ծանրութեան։ Ցայժմ որդեգրուած նախաձեռնութիւնները ապարդիւն կը մնան։ Հարստահարուած խումբերը կարծէք մաս չեն կազմեր մարդկային ընկերութեան։ Գրած է Պատրիարքը հուսկ հարց տուած է ''ե՞րբ իսլամ մտաւորականներն ու կրօնապետերը պիտի արտայայտուին իսլամական ծայրայեղութեան մասին''։ Ծայրայեղներու թիւը կը բազմանայ, նոր ողբերգութիւններ գործադրելով։
Պատրիարք Սաքօ իր կոչը աւարտած է հրաւիրելով քրիստոնեաները քաջութեամբ ու հաւատքով դիմագրաւելու այս պատուհասը։ ''Վստահ եմ որ Ամենախնամ Տէրը մեզի հանդէպ ծրագիր մը ունի եւ մենք կանչուած ենք անոր սիրոյ, եղբայրակցութեան, արժանաւորութեան, համակեցութեան պատգամը բերելու Իրաքի մեր բոլոր եղբայրներուն''։







All the contents on this site are copyrighted ©.